image

Լուսաւոր Հայաստանը անյապաղ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ կը պահանջէ

Լուսաւոր Հայաստանը անյապաղ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ կը պահանջէ

ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնն անյապաղ կը պահանջէ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստ հրաւիրել՝ Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը։

Ան, մասնաւորապէս, գրած է.

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ ուժի կիրառումը, ագրեսիան, ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան խախտումը,

Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւնների հետեւանքով ՀՀ զինուած ուժերն ունեն զոհ, վիրաւորներ եւ այսօր արդէն գերեվարուած անձինք,

Հաշուի առնելով իրավիճակի հետագայ լարումը եւ անդառնալի հետեւանքները՝

անյապաղ պահանջում ենք ՀՀ Անվտանգութեան խորհրդի արտահերթ նիստի հրաւիրում Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնների ղեկավարների մասնակցութեամբ»,– գրած է ան։