Իսրայէլեան «Haaretz» թերթը լուսարձակի տակ առած է Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի օդային հարուածներու դադարեցման պատճառները:
«Haaretz»ի ռազմական թղթակից Ամոսը Հարել, որ միաժամանակ Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու հիմնարկի ղեկավարն է, իր զեկոյցին մէջ նշած է, որ Սուրիոյ հիւսիսային ճակատին վրայ տիրող հանգիստը ժամանակաւոր է եւ
Իսրայէլի եւ Իրանի բախումը այդ շրջանին մէջ պիտի կատարուի, այն պատճառով, որ Իրան կը պնդէ Սուրիոյ մէջ ռազմական ներկայութիւն ստեղծել, իսկ միւս կողմէն Իսրայէլ կը պնդէ կանխել այդ մէկը:
Զեկոյցը սակայն միաժամանակ կը նշէ, որ թէ՛ Իսրայէլը եւ թէ՛ Իրանը չեն ձգտիր Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը զարգացնել պատերազմի, որովհետեւ ըստ երեւոյթին, Թեհրանը կ'ուզէ խուսափիլ Իսրայէլի հետ ռազմական առճակատումէ:
Իսրայէլի տեսանկիւնէն, թէեւ յայտարարուած մտադրութիւնը՝ Սուրիոյ մէջ Իրանի ծրագիրները ձախողցնելն է, սակայն վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու, պաշտպանութեան նախարար Ավիկտոր Լիպըրման եւ բարձրաստիճան զինուորական ղեկավարները չեն ձգտիր լայնածաւալ բախումի, որուն արդիւնքները կարելի չէ կանխատեսել:
Զեկոյցը եզրակացութեան մէջ ըսուած է. «Եթէ մենք ենթադրենք, որ Թեհրանը Արեւմուտքի հետ Միջուկայինի համաձայնութեան շուրջ իր խօսքը կարենայ պահել , ապա՝ Իսրայէլին դիմակայելու անոր հնարաւորութիւնները եւս պիտի աւելնան եւ պիտի կարենայ շարունակել իր միջուկային յաւակնութիւնները եւ կրկնակի հրթիռային սպառնալիք ստեղծէ՝ Սուրիայէն ու Լիբանանէն, ինչը կը ստիպէ Իսրայէլին լաւ մտածել նախքան Իրանի միջուկային դիրքերը հարուածելը»: