image

«Գիտենք, որ «Հըզպալլա» պիտի պատասխանէ» «Հաարէթց»ի վերլուծութիւնը

«Գիտենք,  որ  «Հըզպալլա» պիտի   պատասխանէ» «Հաարէթց»ի վերլուծութիւնը

«Գիտենք, որ «Հըզպալլա» անպայման պիտի   պատասխանէ»  այս  տողերը կը պատկանին իսրայէլեան  «Հաարէթց»  պարբերականի  վերլուծաբան Ամուս Հարյէլին։

 Վերլուծաբանը, որ   յայտնի է Իսրայէլ- Լիբանան     խնդիրներու  մասին իր կուռ  եւ ուղղամիտ   վերլուծութիւններով նաեւ  յայտնած է, որ          Սէյիտ   Հասան Նասրալլայի  վերջին     խօսքէն  ետք եւ մինչեւ այս    պահը իսրայէլեան  ուժեր  կը գտնուին     ահազանգային վիճակի մը մէջ  յատկապէս Լիբանան-Իսրայէլ  սահմանային հատուածին վրայ։

 Հարյէլ     խօսելով  ապագայ զարգացումներուն մասին, նաեւ նկատել տուաւ, որ     շրջանի ընդհանուր վիճակը  կախեալ է  «Հըզպալլա»ի     քայլերէն ու եթէ   կազմակերպութիւնը մեծ  քայլեր   կատարէ, ապա  Իսրայէլի    պատասխան-քայլը նոյնպէս     ծանրակշիռ կրնայ ըլլալ, բան մը  որ շրջանը կրնայ տանիլ  անկանխատեսելի    բարդութիւններու։

 

 Յիշեցնենք,  որ Նասրալլա   ելոյթ  ունենալով    սպառնալից ոճով  խօսած էր    եւ    վստահեցուցած, որ  իր կուսակցութիւնը ամէն գնով պիտի պատասխանէ իսրայէլեան       քայլերուն։