image

Գերմանիոյ վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Գերմանիոյ վարչապետը Ծիծեռնակաբերդի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայաստան ժամանելէն անմիջապէս ետք Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը «Զուարթնոց» օդակայանէն ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեանի ուղեկցութեամբ ուղեւորուած է Ծիեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Գերմանիան 2016 թուականին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ 1915-ի իրադարձութիւնները 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն որակող բանաձեւը Պունտեսթակն ընդունած է գրեթէ միաձայն։