Լիբանանի մէջ օդանաւու արկած մը գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ արկածին հետեւանքով զոհուած են անձեր, որոնցմէ մին ազգութեամբ հայ է։
Կը նշուի, որ արկածը եղած է Լիբանանի Ղոսթա լեռնային շրջանին մէջ, եւ օդանաւը (որ կը պատկանի Open Sky Aviation ընկերութեան եւ նախատեսուած է ներքին փոքր թռիչքներու) բախած է լերան մը, որուն հետեւանքով ալ ինկած է եւ օդանաւուն վրայ եղող ուղեւորները տեղւոյն վրայ մահացած են։
Դէպքի վայր հասած են «Քաղաքացիական պաշտպանութեան» մարմնի անդամներ եւ բացուած է հետաքննութիւն։
Աւելի ուշ եւ յենուելով մեր աղբիւրի տեղեկութիւններուն պիտի ներկայացնենք զոհուած հայորդիին անունը։