Հայաստան ժամանելէն անմիջապէս ետք Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը «Զուարթնոց» օդակայանէն ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեանի ուղեկցութեամբ ուղեւորուած է Ծիեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Գերմանիան 2016 թուականին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ 1915-ի իրադարձութիւնները 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն որակող բանաձեւը Պունտեսթակն ընդունած է գրեթէ միաձայն։