Պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի համար աւարտած է, հրադադար հաստատուած է, իսկ ռուս խաղաղապահները կ'ապահովեն կարգուկանոնը, սակայն հայ զինուորներու մէկ մասը դեռ գերութեան մէջ կը գտնուի: Այս մասին ըսուած է Human Rights Watch (HRW)-ի զեկոյցին մէջ, որ մէջբերելով՝ գերմանական Der Spiegel պարբերականը, կը ներկայացնէ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան աշխատակից Թաթիանա Լոքշինայի տեսակէտը, որ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան սեփական հետաքննութիւնը իրականացուցած է:
Լոքշինան ընդգծած է, որ ընկերային ցանցերու եւ այլ համացանցի հարթակներու վրայ տասնեակ տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ կը պտըտին, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները կը նուաստացնեն հայ գերիները: «Մենք մանրամասն ուսումնասիրած ենք 14 նման տեսանիւթ, կրցած ենք զրուցել հինգ գերիներու հարազատներու հետ: Հարազատները ճանչցած են անոնց տեսանիւթին մէջ եւ մեզի լուսանկարներ ու փաստաթուղթեր տրամադրած են, որոնց օգնութեամբ կարելի է նոյնականացնել անոնց»,- նշած է մասնագէտը:
Անոր խօսքով՝ նուաստացման ենթարկուած են մէկ այլ 5 հոգինոց գերիներու խումբ, ինչպէս նաեւ եւս մէկ անհատ զինուոր:
Տեսանիւթերու իսկութեան մասին խօսելով, մասնագէտը նշած է, որ իրենք ստուգումներ ըրած են, եւ այդ տեսանիւթերը, որոնք իրենք ուսումնասիրած են, համացանցին մէջ ներբեռնուած չեն եղած մինչեւ հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսները: Բացի այդ, իրաւապաշտպանները կապ կը հաստատեն գերիներու հարազատներուն հետ:
Լոքշինան նշած է, որ հայերու կողմէ ատրպէյճանցի գերիներու նկատմամբ ստորացուցիչ վերաբերմունքի մասին տուեալներ չունի: