image

Գերմանական առաջատար՝ «Տէյր շբիկէլ»ը հայ գերիներու տանջանքներուն մասին տուեալներ տուած է

Գերմանական առաջատար՝ «Տէյր շբիկէլ»ը հայ գերիներու  տանջանքներուն մասին տուեալներ տուած է

Պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի համար աւարտած է, հրադադար հաստատուած է, իսկ ռուս խաղաղապահները կ'ապահովեն կարգուկանոնը, սակայն հայ զինուորներու մէկ մասը դեռ գերութեան մէջ կը գտնուի: Այս մասին ըսուած է Human Rights Watch (HRW)-ի զեկոյցին մէջ, որ մէջբերելով՝ գերմանական Der Spiegel պարբերականը, կը ներկայացնէ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան աշխատակից Թաթիանա Լոքշինայի տեսակէտը, որ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան սեփական հետաքննութիւնը իրականացուցած է:

Լոքշինայի խօսքով՝ յստակ տուեալներ չկան, թէ քանի մարդ գերութեան մէջ կը գտնուի: «Երեւանի մէջ իշխանութիւններու ներկայացուցիչները մեզի յայտնած են, որ «տասնեակ» հայեր գերութեան մէջ կը գտնուին: ԶԼՄ-ներուն մէջ կը խօսուի Ատրպէյճանի մէջ հարիւրաւոր հայ գերիներու եւ Հայաստանի մէջ քանի մը ատրպէյճանցի գերիներու մասին»,- նշած է իրաւապաշտպանը՝ աւելցնելով, որ մինչ հայկական կողմը կ'ուզէ հնարաւորինս շուտ փոխանակել գերիները, ատրպէյճանական կողմը կ'ուզէ նախ փոխանակել զոհերու մարմինները, «իսկ այդ գործընթացը դեռ կը շարունակուի»:

Լոքշինան ընդգծած է, որ ընկերային ցանցերու եւ այլ համացանցի հարթակներու վրայ տասնեակ տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ կը պտըտին, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները կը նուաստացնեն հայ գերիները: «Մենք մանրամասն ուսումնասիրած ենք 14 նման տեսանիւթ, կրցած ենք զրուցել հինգ գերիներու հարազատներու հետ: Հարազատները ճանչցած են անոնց տեսանիւթին մէջ եւ մեզի լուսանկարներ ու փաստաթուղթեր տրամադրած են, որոնց օգնութեամբ կարելի է նոյնականացնել անոնց»,- նշած է մասնագէտը:

Վերջինս աւելցուցած է, որ տեսանիւթերուն մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս ոտքերով կը հարուածեն հայերը, կը ծակեն սուր առարկաներով, կը ստիպեն համբուրել ատրպէյճանական դրօշը: «Անոնք ստիպուած կ'ըլլան ըսել՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»: Տեսանիւթերէն մէկուն մէջ 8 զինուոր տեսած ենք, որոնք կապուած ձեռքերով եւ կապուած աչքերով նստած էին գետինը: Անոնց կը ծեծէին, կը քալէին անոնց վրայէն: Զինուորներէն մէկը ռուսերէն կը հառաչէր. «Ես ամէն ինչ կ'ըսեմ, ամէն ինչ կ'ըսեմ» (Я все скажу! Я все скажу): Միեւնոյն ժամանակ անոր կը ծեծէին եւ կը ծակէին շամփուրներով»,- ըսած է իրաւապաշտպանը գործակալութեան հետ զրոյցի ժամանակ:   

Անոր խօսքով՝ նուաստացման ենթարկուած են մէկ այլ 5 հոգինոց գերիներու խումբ, ինչպէս նաեւ եւս մէկ անհատ զինուոր:

Տեսանիւթերու իսկութեան մասին խօսելով, մասնագէտը նշած է, որ իրենք ստուգումներ ըրած են, եւ այդ տեսանիւթերը, որոնք իրենք ուսումնասիրած են, համացանցին մէջ ներբեռնուած չեն եղած մինչեւ հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսները: Բացի այդ, իրաւապաշտպանները կապ կը հաստատեն գերիներու հարազատներուն հետ:

Լոքշինան նշած է, որ հայերու կողմէ ատրպէյճանցի գերիներու նկատմամբ ստորացուցիչ վերաբերմունքի մասին տուեալներ չունի: