Օրհնութեամբ եւ Ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին երէկ երեեկոյեան Վեհափառին ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընթրիքին կիպրահայ ազգայիններու պարգեւատրում տեղի ունեցած է։
«Կիլիկեան Ասպետ»ի կոչում ստացած են՝
Տիար Վարդգէս Մահտեսեան (Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ)
Տիար Գէորգ Մահտեսեան
Տիար Սեպուհ Դաւիթեան
Իսկ Տիար Արթօ Դաւիթեան ստացած է «Մեսրոպ Մաշտոց»ի անուան շքանշան։
Պարգեւատրումն աւելիով կ՚իմաստաւորուի, երբ ինծի համար այդքան մտերիմ ու սիրելի ազգայինները նման պատիւի կ՚արժանան։
Երկար տարիներու վաստակ, նուիրուածութեան օրինակ եւ Կիպրոսի հայութեան կեանքին մէջ կարեւոր ձեռագիր ունեցած անձնաւորութիւններ են բոլորն ալ, եւ իրապէս բոլորն ալ օրինակելի, ազնուական եւ նուիրումի ջատագով հայորդիներ են։
Ուրախ եմ թէ իրենց համար, թէ ալ Կիպրոսի հայկական գաղութին համար, ուր արժանիները միշտ պէտք է առանձնացուին...
Երախտիքս Վեհափառ Հայրապետին, որ նման իմաստուն որոշում կայացուցած է յանուն Կիպրոսի, յանուն կիպրահայ շէնշող ու ապրող հայկական համայնքին։
Առաջին լուսանկարը՝ Անթիլիաս, ուր ի շարս այլոց Տիար Վարդգէս Մահտեսեան Վեհափառ Հայրապետի ամպհովանին բռնած է։
