Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, Հալէպի մէջ, օրերս, յետ Սուրբ Մինասի Պատարագին, բացումը կատարուած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբին կազմակերպած Ամանորեայ ցուցահանդէս-վաճառքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, յետ Սուրբ Մինասի Պատարագին, բացումը կատարուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ տիկնաց յանձնախումբին կազմակերպած Ամանորեայ ցուցահանդէս-վաճառքին, եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս:
Վաճառքին բացումը կատարեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։
Սրբազան Հայրը այցելելով ցուցահանդէսի վայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց տիկնաց յանձնախումբի անդամներուն եւ մեծապէս գնահատեց բարեսիրական նպատակ հետապնդող անոնց նախաձեռնութիւնը։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան։
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի վաղը՝ Չորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն երեկոյեան ժամը 6:00:
