image

Ուքրանիան ԱՄՆ-ին առաջարկած է Տոնպասի մէջ ստեղծել ազատ տնտեսական գօտի

Ուքրանիան ԱՄՆ-ին առաջարկած է Տոնպասի մէջ ստեղծել ազատ տնտեսական գօտի

Politico-ն, յղում ընելով աղբիւրներուն, հաղորդած է, որ ուքրանական ճգնաժամը լուծելու Միացեալ Նահանգներու վերջին ծրագրին մէջ Քիեւի կատարած փոփոխութիւնները կը ներառեն Տոնպասի մէջ ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծում։

«Ուքրանիոյ վերջին խաղաղութեան ծրագիրը կը նախատեսէ Տոնպասի մէջ ստեղծել ապառազմականացուած «ազատ տնտեսական գօտի», ուր կրնան գործել ամերիկեան ձեռնարկատիրական շահերը»,- գրած է պարբերականը եւ նշած, որ այդկերպ Քիեւը «կը փորձէ գրաւել նախագահ Տանըլտ Թրամփը»:

Միեւնոյն ժամանակ, աղբիւրները «կասկածած են, որ Ռուսիան պիտի աջակցի այս շաբաթ եւրոպացի առաջնորդներու մասնակցութեամբ մշակուած ծրագիրին»։

Ըստ թերթի անանուն աղբիւրի՝ եւրոպացիները նաեւ կը ծրագրեն «զօրքեր եւ հետախուզական սարքաւորումներ տեղակայել Ուքրանիոյ մէջ»։ Դաշնակցային զօրքերը «հանրապետութեան տարածքին մէջ պիտի օգտագործեն անօդաչու թռչող սարքեր՝ համաձայնեցուած որեւէ խաղաղութեան ծրագիր վերահսկելու համար» եւ հակառակ որ անոնք պիտի գտնուին Ուքրանիոյ տարածքին մէջ, «պիտի չծառայեն առաջնագիծի վրայ»։