image

Իսրայէլ հերթական անգամ հարուածեց Լիբանանի հարաւային շրջանները

Իսրայէլ հերթական անգամ հարուածեց Լիբանանի հարաւային շրջանները

Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը հարուածած են Լիբանանի հարաւային քանի մը շրջաններ, լսուած են պայթումներու ձայներ։

Այս մասին յայտնած է Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA):

Հարուածներու թիրախ յայտնուած են Լիբանանի հարաւը գտնուող Թապնա եւ Պնաաֆուլ գիւղերը, Թաֆահթա եւ ալ-Պայսարիա գիւղերու յարակից տարածքները։ Բացի այդ, իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը չորս հարուած հասցուցած են Ճեզզինի շրջանին։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը թելեկրամեան իր ալիքով յայտնած է, որ հարուածած է «Հըզպալլա»-ի անդամներու համար նախատեսուած վարժանքներու եւ դասընթացներու համար օգտագործուող կայանը։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ համալիրին մէջ «Հըզպալլա»-ի անդամները կրակային վարժանքներ կը կատարեն եւ լրացուցիչ վարժանք՝ տարբեր տեսակի զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ, որոնք «նախատեսուած են Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զօրքերու եւ Իսրայէլի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ահաբեկչական յարձակումներ ծրագրելու եւ իրականացնելու համար»։

Բացի այդ, Իսրայէլի բանակը, հիմնուելով հետախուզական տուեալներու վրայ, հարուածած է «Հըզպալլա»-ի ռազմական ենթակառուցուածքները Հարաւային Լիբանանի քանի մը շրջաններու մէջ։

«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պիտի շարունակէ գործել՝ Իսրայէլի Պետութեան սպառնացող որեւէ սպառնալիք վերացնելու համար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։