image

Պէյրութ. Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան հմայեց հարիւրաւոր ներկաները

Պէյրութ. Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան հմայեց հարիւրաւոր ներկաները

Հանրայայտ լիբանանահայ ասմունքող՝ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ու հայրենի հրաշալի սոփրանօ Յասմիկ Յարութիւնեան «Զարմանալի Հայ» վերտառութեամբ հրամցուցին հայրենասիրական, ազգային, բանաստեղծական, սիրային ու երաժշտական ասմունքի եւ օփերային երգի վառ ծաղկեփունջ մը:

Պէյրութի՝  «Արարատ» օրաթերթէն կը կարդանք՝ 

Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Պէյրութի մտաւորական եւ արուեստասէր, երաժշտասէր ընտրանին ժամադրուած էր Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ ներկայ ըլլալու աննախընթաց մշակութային հանդիսութեան մը: Արդարեւ, հանրայայտ լիբանանահայ ասմունքող՝ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ու հայրենի հրաշալի սոփրանօ Յասմիկ Յարութիւնեան «Զարմանալի Հայ» վերտառութեամբ հրամցուցին հայրենասիրական, ազգային, բանաստեղծական, սիրային ու երաժշտական ասմունքի եւ օփերային երգի վառ ծաղկեփունջ մը:

Աւելի քան երկու ժամ շարունակ, ներկաներու բուռն ծափերու ալիքին հետ, ներկայացուեցան հայ մեծագոյն բանաստեղծ-բանաստեղծուհիներու ստեղծագործութիւնները եւ անոնց երգի վերածուած փառաւոր երաժշտութիւնը:

Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրաքտարեանի: Ծայրէ-ծայր լեցուն հանդիսասրահին մէջ ներկայ էին նաեւ ազգային, մշակութային, կրթական, կրօնական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Կը շնորհաւորենք ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը եւ հայրենի բացառիկ երգչուհի, օփերայի սոփրանօ Յասմիկ Յարութիւնեանը այս մշակութային ու երաժշտական հաճելի ու փառաւոր երեկոյին համար: