Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այցելած է Գիւմրի եւ յարգանքի տուրք մատուցած 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը:
Փաշինեանը մասնակցած է Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մօտ՝ 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերու յուշարձանին ծաղկեպսակ դնելու արարողութեան, կը հաղորդէ «Գալա TV»-ն:
Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներու, այս անգամ Գիւմրիի մէջ անվտանգութեան խիստ միջոցառումներ ձեռնարկուած են, փակ են քաղաքի կեդրոնական շարք մը փողոցներ:
Արարողութեան մասնակցած են նաեւ տեղական եւ մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները:
Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարած է պատասխանել լրագրողներու հարցերուն:
Մինչ այդ Գիւմրիի Ս. Եօթվէրք եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ: