Սուրիական հակամարտութեան մօտ տասը տարիներու ընթացքին, երկրի արտաքին սահմանները ենթարկուեցան փաստացի (Տէ ֆաքթո) փոփոխութեան։
Չնայած, որ պաշտօնական քարտէզներուն վրայ գծուած միջազգայնօրէն ընդունուած սահմանները կը մնան նոյնը, բայց փաստացիօրէն պատերազմը նոր սահմաններ գծած է։ Այս երեւոյթը, որ բնորոշ է միջազգայնացուած քաղաքացիական պատերազմներուն, ամենայն հաւանականութեամբ երկար տարիներ պիտի ազդէ Սուրիոյ քաղաքականութեան վրայ։
Հակամարտութեան ընթացքին, երկրի սահմաններուն մեծ մասը դուրս ելաւ Դամասկոսի տիրապետութենէն։ Ռուսական բանակին միջամտութենէն ետք, եւ յատկապէս 2016 թուականէն սկսեալ, պետական զօրքերը եւ իրենց դաշնակիցները կրցան կորսնցուցած տարածքներու զգալի մասը վերադարձնել։ Սակայն նկատելի է այն հանգամանքը, որ Դամասկոսը կրցաւ իր իշխանութիւնը վերահաստատել ոչ սահմանային, օրինակ՝ Հալէպ քաղաքի եւ Դամասկոսի շուրջ գտնուող տարածքներուն վրայ, մնալով տկար կամ բացակայ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ։ Աւելին՝ այդ շրջանները դարձան հարեւաններու եւ միջազգային ուժերու խաղահրապարակ, որոնք դեռեւս կը պահպանեն ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցիկ ներկայութիւն։
Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան սահմանամերձ հատուածը Թուրքիոյ հետ, գրեթէ ամբողջութեամբ, կը գտնուի կառավարութեան տիրապետութենէն դուրս։ Պատերազմի վաղ շրջանին՝ 2012 թուականին, Դամասկոսը զիջեցաւ իր հիւսիսային սահմանամերձ շրջանները ընդդիմադիր ուժերուն եւ քրտական խմբաւորումներուն։ Անոր ուժերը նահանջեցին ընդարձակ տարածքներէն եւ կեդրոնացան համեմատաբար աւելի կարեւոր, մարդաշատ եւ պաշտպանելի տարածքներու մէջ։
Այսօրուայ դրութեամբ, Թուրքիան ուղղակի եւ անուղղակի ազդեցութիւն կը գործադրէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանամերձ շրջաններուն վրայ։ Չնայած, որ այս ազդեցութիւնը կը տարբերի տեղէ տեղ, սակայն անոր միջամտութիւնը կ'երաշխաւորէ Անգարայի կեդրոնական դերը այս տարածքներու ապագան կերտելու գործընթացքին մէջ։ Թուքիոյ քաշուիլը այս տարածքներէն անհաւանական է այնքան ժամանակ, որ Դամասկոս այդ տարածքները ուժով վերադարձնելու համապատասխան ռազմական կարողութիւն մը չունի։ Կամ այնքան ժամանակ, որ չկայ միջազգային պայմանագիր մը, որ կ'երաշխաւորէ Թուրքիոյ անվտանգութեան կարգ մը պահանջները։
Նոյնը կը վերաբերի հիւսիս-արեւմտեան հատուածներուն, ուր հաստատուած են քրտական ուժերը։ Անոնց զինուած ուժերը, ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը եւ յատկապէս, վերջինիս զօրքերու ներկայութիւնը, լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ պետական զօրքերու վերադարձին։
Սուրիոյ սահմանամերձ տարարծքներու «միջազգայնացումը» կամ անոնց անկախ իշխանութեան «բաժանումը» նաեւ առկայ է այլ սահմաններու մօտ։ Սուրիոյ երկար եւ մեծ մասամբ անապատային սահմանը Իրաքի հետ նոյնպէս դարձած է տարբեր ուժերու շահերու գերին։ Այդպիսի իրավիճակ կը տիրէ օրինակ՝ Սուրիական սահմանային Ալ-Պուքամալ եւ Իրաքի Ալ-Քաիմ շրջաններուն մէջ։ Նոյնը կարելի է ըսել սուրիական Թանաֆ անցակէտին յարակից շրջաններուն համար, ուր տեղակայուած են ամերիկեան զօրքեր։
Հարաւ-Արեւմտեան սահմանամերձ տարածքները նոյնպէս նման իրավիճակի մէջ յայտնուած են, չնայած, որ կը գտնուին կառավարութեան տիրապետութեան տակ։ 2018 թուականին պետական ուժերը եւ Ռուսական օդուժը Յունիս եւ Յուլիս ամիսներու ընթացքին պարտութեան մատնեցին ընդդիմադիր ուժերը։ Սակայն Դամասկոսը չկրցաւ իր իշխանութիւնը ամբողջովին վերահաստատել, ինչպէս կրցած էր ընել, օրինակ՝ Հալէպ քաղաքի կամ Դամասկոսի Արեւելեան Ղութայի շրջաններուն մէջ, որոնք 2016 եւ 2018 թուականներուն յաջորդաբար վերադարձան Ասատի ամուր հսկողութեան տակ։ Սահմանի գործօնին պատճառով, հարաւ-արեւելեան տարածքներու համաթեքսթը տարբեր էր։
Ռուսիան եւ պետական ուժերը չէին կրնար անտեսել յատկապէս Իսրայէլի անվտանգութեան վերաբերող կարգ մը «կարմիր գիծեր»։ Վերջինս դէմ էր Սուրիական զօրքերու ամբողջական վերադարձին վախնալով այն հանգամանքէն, որ Դամասկոսը Իրանի կամ «Հըզպալլա»ի ներթափանցման, յարձակողական եւ զինամթերքի տեղադրման կամուրջ կրնար դառնալ։ Հետեւաբար, Ռուսական միջնորդութեամբ, 2018-ին պետական զօրքերու վերադարձը կարգ մը կարեւոր տեղեր պայմանական եւ սահմանափակ եղաւ։ Մոսկուան՝ այս իրավիճակի հիմնական ճարտարապետը, մինչ օրս այդ սթաթուս քւոն կը պահպանէ։
Միակ բացառութիւնը Սուրիա-Լիբանան սահմանն է։ Այնտեղ նոյնպէս ոչ սուրիական՝ յատկապէս լիբանանեան «Հըզպալլա»ի դերը մեծ է։ Բայց քանի որ Դամասկոս եւ «Հըզպալլա»ն դաշնակիցներ են, անոնք միասնաբար վերահաստատեցին պետութեան հսկողութիւնը վերոյիշեալ սահմանի յարակից շրջաններուն մէջ։
Ամփոփելով կարելի է եզրակացնել, որ չնայած Դամասկոսի բարելաւած ռազմական դիրքերուն, անոր տիրապետութիւնը երկրի սահմանամերձ շրջաններու վրայ կը մնայ բաւական թոյլ։ Վերոյիշեալ սահմանային շրջաններէն ամէն մէկը ունի իր իւրայատուկ պատմութիւնը եւ ուժաբանութիւնը։ Սակայն համախմբուած է օտար ուժերու ուժեղ միջամտութեան գործօնով։ Հզօր հարեւաններու եւ միջազգային դերակատարներու ազդեցութիւնը դեռ երկար պիտի խոչընդոտէ Դամասկոսի անկախ տիրապետութիւնը այս սահմանամերձ շրջաններուն վրայ։
Արենակ Թոքմաճեան