image

Ատրպէյճանական նաւթամթերքի ներկրման հնարաւորութիւններ կան. Մհեր Գրիգորեան

Ատրպէյճանական նաւթամթերքի ներկրման հնարաւորութիւններ կան. Մհեր Գրիգորեան

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը կը հաստատէ, որ օրերս Կապալայի մէջ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ քննարկած են Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթի ու նաւթամթերքի արտահանման հարցը: Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»-ը:

«Ազատութեան» հարցման ի պատասխան, թէ արդեօ՞ք Երեւանն ու Պաքուն արդէն պայմանաւորուած են Ատրպէյճանէն վառելիքի ներկրման շուրջ, փոխվարչապետը պատասխանած է. «Այո, քննարկումներ եղել են, համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կան»:

«Ազատութիւն»ը նաեւ հարցուցած էր փոխվարչապետին, թէ ատրպէյճանական վառելիքի ներկրման ի՞նչ ծաւալներու մասին է խօսքը, հայաստանեան ո՞ր ընկերութիւնները մտադիր են Ատրպէյճանէն նաւթ գնել եւ ի՞նչ գինի շրջագիծի մէջ Ատրպէյճանը պատրաստ է նաւթ ու նաւթամթերք վաճառել Հայաստանին եւ արդեօ՞ք այն մրցունակ պիտի ըլլայ Ռուսիայէն ներկրուող վառելիքի նկատմամբ: Այս հարցումներուն ի պատասխան Մհեր Գրիգորեանը նշած է.

«Վառելիքի հետ կապուած հետագայ ընթացքն արդէն մասնաւոր արտահանողների եւ ներկրողների համագործակցութեան տիրոյթում է, իսկ հնարաւոր գործարքների պայմանները լինելու են շուկայական»,- պատասխանած է փոխվարչապետը:

Այն, որ Երեւանն ու Պաքուն կը քննարկեն Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթի ու նաւթամթերքի արտահանման հարցը, հայաստանեան հանրութիւնը տեղեկացաւ ատրպէյճանական կողմէն: Անցեալ շաբաթ այդ մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը: Ան նշած էր, որ սահամանզատման գործընթացին զուգահեռ փոխվարչապետերը քննարկած են նաեւ երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ առեւտուրի որոշակի ոլորտներ։ Եւ որ այժմ քննարկուող ոլորտներէն մէկը նաւթի եւ նաւթամթերքի արտահանումն է՝ Ատրպէյճանէն Հայաստան:

Ատրպէյճանական վառելիքի ներկրումէն բացի, փոխադարձ առեւտուր այլ ի՞նչ ոլորտներ կը քննարկեն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այդ հարցին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը յստակ պատասխան չէ տուած, նշելով միայն, որ «այլ ապրանքների գծով քննարկումները դեռ շարունակւում են»: