image

Դասախօսութիւն-Հաւաք Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ

   Դասախօսութիւն-Հաւաք Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ

 Օրերս Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Քեսապի Հոգեւոր Հովիւ Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի  նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղի ունեցած է երիտասարդաց դասախօսութիւն-հաւաք մը  հայկական գիւղի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Ատոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ  համացանցէն։

 Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝ 

 

Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Տիկին Մարալ Մալաթջալեանին՝ մեր երիտասարդներուն համար իր տուած արժէքաւոր դասախօսութեան համար։

Թեման։ Հասունութեան Շրջան։

Եր՞բ կարելի է մէկը հասուն կամ չափահաս համարել։ 

Անձ մը հասուն կըլլայ տարիքային , ֆիզիքական , ընկերային իմացական առումներով։ Բաձատրութիւն տրուեցաւ ինքնավստահ ըլլալ , նպատակ ունենալու , շրջապատին հետ գիտնալ ինչպէս համակերպիլ , համակարգիչին եւ համացանցին հրամցուցած միտքերէն օգտուիլ եւ ոչ գերի ըլլալ ։ Եզրականացնելով որ ամէն անտահ որոշելու է իր նպատակը որ իր փափաքն է սերտէ իր կարողութիւնները եւ անոնք իրականացնելու կարելիութիւնները, կարեւորեւթիւն տալ արժէքաւոր եւ կարեւոր բաներու եւ այդպէս աշխատանք տանիլ։