image

Գանատան ահաբեկչներու նոր թիրա՞խ

Գանատան   ահաբեկչներու   նոր թիրա՞խ

 Գանատայի     ապահովական մարմիններ      լուրջ մտավախութիւններ ունին   երկրին մէջ    ահաբեկչական   գրոհներու  հաւանականութեան  բարձրացման  վերաբերեալ:   Այս մասին           ահազանգած է     երկրի    անվտանգութեան նախարար  Ռալֆ  Կոտէյլը   նշելով, որ   ահաբեկչական  բջիջներ      կրնան       գրոհներ կատարել եւ  այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ  տօնական օրերուն ընթացքին:

Իրենց կարգին   գանատական  շարք մը լրագիրներ գրած են այն մասին, որ      Գանատայի    հպատակութիւն ունեցող  190   ահաբեկիչներ ցայսօր  ալ  կը գտնուին  Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ եւ կը մասնակցին հոն ընթացող պատերազմներուն:         Աւելի վաղ  Գանատայի  պետական մարմիններ    յայտարարած էին, որ  այդ  երկիրները գտնուող  60     ահաբեկիչներ ետ «տուն դարձած»,  առանց  սակայն վերջնականացնելու այս  թիւը:

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ երկրի տարբեր շրջաններուն  մէջ   ահաբեկչական խմբաւորումները «քնացած բջիջներ» ունին, որոնք   կապի մէջ   են       Միջին Արեւելքի  իրենց  «գաղափարակից»ներուն հետ:

 

 Յիշեցնենք, որ այս տարուան ընթացքին   Գանատա  երկու առիթներով      ահաբեկչական  յարձակումներու  թատերաբեմ  եղած էր: Մինչ  առաջին  գրոհը եղած  էր   Քէպէքի  մէջ, երկրորդ  յարձակումը գրանցուած է Էտմընթընի  մէջ, որ կը  համարուի   իսլամ  մեծաթիւ  բնակչութիւն ունեցող քաղաք մը: