Գանատայի ապահովական մարմիններ լուրջ մտավախութիւններ ունին երկրին մէջ ահաբեկչական գրոհներու հաւանականութեան բարձրացման վերաբերեալ: Այս մասին ահազանգած է երկրի անվտանգութեան նախարար Ռալֆ Կոտէյլը նշելով, որ ահաբեկչական բջիջներ կրնան գրոհներ կատարել եւ այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ տօնական օրերուն ընթացքին:
Իրենց կարգին գանատական շարք մը լրագիրներ գրած են այն մասին, որ Գանատայի հպատակութիւն ունեցող 190 ահաբեկիչներ ցայսօր ալ կը գտնուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ եւ կը մասնակցին հոն ընթացող պատերազմներուն: Աւելի վաղ Գանատայի պետական մարմիններ յայտարարած էին, որ այդ երկիրները գտնուող 60 ահաբեկիչներ ետ «տուն դարձած», առանց սակայն վերջնականացնելու այս թիւը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները «քնացած բջիջներ» ունին, որոնք կապի մէջ են Միջին Արեւելքի իրենց «գաղափարակից»ներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան ընթացքին Գանատա երկու առիթներով ահաբեկչական յարձակումներու թատերաբեմ եղած էր: Մինչ առաջին գրոհը եղած էր Քէպէքի մէջ, երկրորդ յարձակումը գրանցուած է Էտմընթընի մէջ, որ կը համարուի իսլամ մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող քաղաք մը: