«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշարին, որուն նպատակն է մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարար բնագրեր մատչելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ կարեւոր հայերէն բնագրեր՝ այլ լեզուներով։ Սոյն յայտարարութեամբ կը հրամցնենք օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանուելիք գիրքերու ցանկը, եւ կոչ կ'ուղղենքհնարաւոր թարգմանիչներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը։ Այս թարգմանութիւններուն միջոցով, մեր նպատակն է թափ տալ մտաւորական մտածողութեանհայերէնով եւ զարկ տալ հայերէնի զարգացման։ Առաջին հերթին, հետեւեալ 12 բնագրերը պիտի թարգմանուին.
Վերոյիշեալ բնագրերը ընտրուած են միջազգային խորհրդատու յանձնախումբի մը կողմէ, որուն անդամներն են Շուշան Աւագեան, Վարդան Ազատեան, Ռէմոն Գէորգեան, Արմինէ Իշխանեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Արտաշէս Մարկոսեան, Սմբատ Յովհաննիսեան եւ Արա Սանճեան: Յանձնախումբը աշխատած է Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանին եւ բաժանմունքի աւագ ծրագրի վարիչ Անի Կարմիրեանին հետ։
Այս կոչը ուղղուած է երկու նպատակով՝ թարգմանիչներ ընտրել այս մատենաշարին համար ու որակեալ թարգմանիչներու մեր ցանկը ճոխացնել։ Կը խնդրենք հնարաւոր թարգմանիչներէն, որ մեզի դիմեն միայն եթէ կը փափաքին վերի ցանկէն խորագիր մը կամ խորագրեր թարգմանել բնագրային լեզուէն հայերէնի (արեւմտահայերէն կամ արեւելահայերէն)։
Դիմումները պէտք է յղուին Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին մինչեւ 5 Ապրիլ 2016,հետեւեալ իմակի հասցէով՝ carmenias@gulbenkian.pt։ Նիւթի տողին մէջ յստակօրէն պէտք է նշուի՝ “Translation Series, Call for Translators”։ Դիմումը պէտք է բաղկանայ հետեւեալ պարտադիր փաստաթուղթերէն.
Պարտադիր փաստաթուղթեր
Ընտրուած թարգմանիչները պիտի տեղեկացուին մինչեւ Մայիս 2016ի կէսերը։ Չընտրուած անձերը մաս պիտի կազմեն պահեստի ցանկի մը՝ ապագայ յղումի համար։