Գահիրէի մերձ ապրող Ղըպտի քահանայ մը մորթուած է: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար»ը իր տեղեկութիւնները առնելով ղըպտի եկեղեցւոյ աղբիւրներէն:
Իր կարգին ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ տեղեկատուական գրասենեակը իր ֆէյսպուքեան էջին դէպքին մասին գրելով նշած է, որ սպաննուած քահանան «Պանի Սյուֆ» նահանգի «Ազպէթ Ճըրճոս» գիւղի Սուրբ Հուլիոս Ալ-Աքֆահս եկեղեցւոյ քահանայ Սամհան Շըհաթէն է: Քահանան սպաննուած է Գահիրէի հիւսիսային Ալ-Սալամ քաղաքը գնուած ժամանակ:
Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է յանցագործ անձը եւ տեղի կ'ունենայ հարցաքննութիւն:
Աղբիւր մը նշած է, որ այլ քահանայ մը եւս կ'ուղեկցէր Շահաթէին , որ նոյնպէս վիրաւորուած է յարձակումէն:
Թոմաս Սահիտ անունով անձը, որ ներկայացած է որպէս քահանայ հօր բարեկամ, «Ռօյթըրզ»ին յայտնած է, որ յարձակողը «սաթուր»ով (մեծ դաշոյն) հարուածած է քահանային գլխուն, ինչպէս նաեւ վնասուածք հասցուցած է կրծքավանդակին: