image

Գահիրէի մերձ Ղըպտի քահանայ մը մորթուած է

Գահիրէի մերձ Ղըպտի քահանայ մը մորթուած է

Գահիրէի   մերձ ապրող Ղըպտի  քահանայ մը մորթուած է: Այս մասին   կը գրէ «Ալ-Տիար»ը իր տեղեկութիւնները առնելով ղըպտի եկեղեցւոյ աղբիւրներէն:

 

Իր կարգին ղըպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ տեղեկատուական գրասենեակը իր ֆէյսպուքեան էջին դէպքին մասին  գրելով  նշած է, որ  սպաննուած քահանան «Պանի Սյուֆ» նահանգի «Ազպէթ Ճըրճոս» գիւղի Սուրբ Հուլիոս Ալ-Աքֆահս եկեղեցւոյ քահանայ Սամհան Շըհաթէն է: Քահանան սպաննուած է Գահիրէի հիւսիսային Ալ-Սալամ քաղաքը գնուած ժամանակ:

 

Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է յանցագործ անձը եւ տեղի կ'ունենայ հարցաքննութիւն:

 

Աղբիւր մը նշած է, որ այլ քահանայ մը եւս կ'ուղեկցէր Շահաթէին , որ նոյնպէս վիրաւորուած է յարձակումէն:

 

Թոմաս Սահիտ անունով անձը, որ ներկայացած է որպէս քահանայ հօր բարեկամ, «Ռօյթըրզ»ին յայտնած է, որ յարձակողը «սաթուր»ով (մեծ  դաշոյն) հարուածած է քահանային գլխուն, ինչպէս նաեւ վնասուածք հասցուցած է կրծքավանդակին: