image

ԱՄՆ-Ռուսիա նաւթային գործարքը օգուտ պիտի չբերէ որեւէ մէկուն. Մաքրոն

ԱՄՆ-Ռուսիա  նաւթային  գործարքը օգուտ պիտի չբերէ որեւէ մէկուն. Մաքրոն

 

«Եւրոպացիներուն ուղերձը յստակ է. Ուքրանիան եւ անոր ժողովուրդը առանձին պիտի չթողունք», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն։

«Սա դիմադրութեան պատերազմ է՝ Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւններուն դէմ։ Կան անորոշութիւններ, որոշ սխալներ գործուած են, սակայն Եւրոպայի դերն է ամուր կանգնիլ, որովհետեւ վտանգուած են Եւրոպայի անվտանգութիւնն ու միջազգային սկզբունքները», շեշտած է Մաքրոն։

Անոր խօսքով՝ Ուքրանիոյ ցուցաբերուած օգնութիւնը պարզապէս բարի կամքի դրսեւորում չէ։ Անձնատուութիւնը տկարութեան նշան է, իսկ տկարութիւնը՝ վտանգաւոր։ Մաքրոն նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ռուսիա իր գործողութիւններով կը խոչընդոտէ ուքրանական հացահատիկի արտահանումը դէպի բազմաթիւ զարգացող եւ աղքատ երկիրներ։

Անդրադառնալով ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ միջեւ վառելանիւթի գործարքին՝ Ֆրանսայի նախագահը կարծիք յայտնած է, որ այն ոչ ոքի օգուտ պիտի բերէ։

«Այդ գործարքը բացասական ազդանշան է։ Մենք պէտք է իջեցնենք վառելանիւթի, պենզինի եւ կազի գիները։ Սակայն յատկապէս այս լուծումը պիտի չնպաստէ այդ նպատակի իրագործման», շեշտած է Մաքրոն։