Հայաստան աշխարհն ու ամբողջ հայութիւնը պատած ծանր պայմաններուն բերումով եւ զուսպ մթնոլորտի մը մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը նշած է Թեմակալ Առաջնորդ՝ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 25-րդ տարեդարձը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն։
Աղբիւրը այս առթիւ հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
«Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, Հովիւի Օգնականը, Ծխական Խորհուրդը, Պատգամաւորները, յարակից մարմինները եւ հաւատացեալները, ջերմօրէն կը շնորհաւորեն Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, իր քահանայական ձեռնադրման եւ օծման 25-ամեակին առիթով, մաղթելով անոր առողջ եւ արեւաշատ երկար տարիներու բեղմնաւոր ծառայութիւն՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ»։
Այս առթիւ մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները կը յղենք Սրբազան հօր մաղթելով անոր արեւշատ օրեր եւ անխաբան առաքելական ծառայութիւն ի փառս մեր ազգին եւ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։