image

«Գաղտնի Խաչ» Ֆիլմի հեղինակներուն հանդէպ անարդար կեցուածք

«Գաղտնի Խաչ» Ֆիլմի հեղինակներուն  հանդէպ անարդար կեցուածք

Թրքական դատարանը չէ բաւարարած իսլամացած հայերու մասին նկարահանուած «Թաքցուած խաչ» ֆիլմի բեմադրիչի հայցը: Դատարանը «Yeni Akit» օրաթերթին մէջ հրապակուած նիւթը, որուն մէջ ֆիլմի հեղինակները բացայայտ կերպով թիրախաւորուած էին, համարած է «խօսքի ազատութիւն»: Այդ մասին կը հաղորդէ «Boldmedya.com» լրատուական կայքէջը:

Ըստ աղբիւրի՝ հայցը քննուած է Տիարպէքիրի 4-րդ հաշտարար դատարանի կողմէ: Դատարանը նշած է, որ թէեւ հրապարակման մէջ տեղ գտած որոշ նախադասութիւններ բաւականին խիստ ձեւակերպուած են, սակայն այդ նիւթը չի կրնար անձնական յարձակում համարուիլ:

Նշենք, որ լրագրող-ուսումնասիրողներ Ալթան Սանճարի ու Սերհաթ Թեմելի նկարահանած ֆիլմը կը պատմէ Տիարպեքիրի Էղիլ շրջանի իսլամացուած հայերու մասին: «Թաքնուած խաչ»-ի շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր 16 Յունիսին, Տիարպեքիրի քաղաքապետարանին մէջ:

Ազգայնամոլական թերթի յօդուածին մէջ՝ ֆիլմը նկարահանողներուն տրուած է «դաւաճան» պիտակաւորումը:

«PKK ահաբեկչական կազմակերպութեան համակիրները Թուրքիոյ մէջ կ՝աջակցին հայերը ցեղասպանութեան ենթարկելու մասին Թուրքիոյ ուղղուած Արեւմուտքի մեղադրանքներուն: Բեմադրիչ Ալթան Սանճար, որ կ՝ըսէ, թէ հայու թոռ է, իր նկարահանած «Թաքնուած խաչ» ֆիլմով կ՝աջակցի հայկական պնդումներուն»,- ըսուած է «Yeni Akit»-ի հրապարակման մէջ:

Սանճարը Twitter-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով յայտնած է, որ իրենք դատի պիտի տան բացայայտ կերպով զիրենք թիրախաւորած ազգայնամոլական թերթը:

«Կ՝ուզենք, որ բոլորը գիտնան, որ մեզի պատահելիք հնարաւոր բոլոր բացասական իրադարձութիւններուն մեղաւորը «Yeni akit»-ն է»,- գրած է ֆիլմին բեմադրիչը: