image

Անթոյլատրելի է Հայաստանի տարածքներուն հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն. Յարութիւնեանը՝ Ռուստամ Մուրատովին

Անթոյլատրելի է Հայաստանի տարածքներուն հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն. Յարութիւնեանը՝ Ռուստամ Մուրատովին

25 Մայիսին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զօրախումբի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը։

ՊՆ-էն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքը։ Ռուստամ Մուրատովը ներկայացուցած է գործողութիւնները, որոնք կը ձեռնարկուին ռուսական զօրախումբի կողմէ՝ հրադադարի ռեժիմի պահպանման ուղղութեամբ։

Զրուցակիցները մանրամասն քննարկած են նաեւ ատրպէյճանական սադրանքի հետեւանքով հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը եւ հայկական կողմի ձեռնարկած գործողութիւնները։ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը շեշտած է, որ բացարձակ անթոյլատրելի է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներու հանդէպ որեւէ ոտնձգութիւն, եւ որ այս հարցով պաշտպանութեան նախարարութեան դիրքորոշումը յստակ է. ատրպէյճանական ԶՈՒ ներկայացուցիչները պարտաւոր են առանց նախապայմաններու վերադառնալ իրենց ելման դիրքեր։

Վաղարշակ Յարութիւնեանն ու Ռուստամ Մուրատովը քննարկած են իրադրութեան հանգուցալուծման հնարաւոր տարբերակները։