Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Արք. Յովհաննիսեան այսօր այցելութիւն տուած է Էլիզէի պալատ եւ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ : Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդարանէն:Նշենք, որ հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի առաջնորդի քաղաքական խորհրդատու՝ Արթուր Խանճեան: Սրբազան հայրը Ֆրանսայի նախագահին հետ քննարկած է տարբեր օրակարգեր, որոնցմէ գլխաւորները կարելի է համարել ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքին վերաբերեալ օրակարգը ինչպէս նաեւ արցախեան վերջին զարգացումները: Ըստ մեր աղբիւրին, այս առաջին այցն է, որ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ մը կը կատարէ Էլիզէի պալատ եւ կ'ընդունուի երկրի նախագահին կողմէ: Նշենք որ «Արեւելք» այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Յովհաննիսեանի հետ, եւ հարցազրոյցը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն: