«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամները Գիւմրիի մէջ էին: Անոնք Շիրակի թեմի առաջնորդարանի բակին մէջ հաւաք կատարած են:
Հաւաքի ընթացքին կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները եղած են Միքայէլ Սրբազանի կեցավայրի բակին մէջ՝ տնային կալանքի տակ գտնուող Սրբազանին տեսնելու նպատակով եւ դիմած են անոր «Ազատութիւն մեր Միքայէլ Սրբազանին» վանկարկումներով: