image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոլ Փաշինեանի վերջին տարիներու աշխատանքը Հայաստանի մէջ շատ տպաւորիչ է. Ֆրանսայի նախագահ

Նիկոլ Փաշինեանի վերջին տարիներու աշխատանքը Հայաստանի մէջ շատ տպաւորիչ է. Ֆրանսայի նախագահ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս կազմակերպուած փանելային քննարկման ընթացքին բարձր գնահատած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութիւնը։

«Ի դէպ, ես կը կարծեմ, որ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին տարիներու աշխատանքը Հայաստանի մէջ շատ տպաւորիչ է։ Եկէք անկեղծ ըլլանք․ ութ տարի առաջ այստեղ ոչ ոք կու գար։ Եւ այն փաստը, որ այսօր այսքան շատ այցելութիւններ կը կատարուին ձեր երկիր, լաւ ազդանշան է»,- ըսած է ան։

Մաքրոնի խօսքով՝ անցեալին շարք մը երկիրներ Հայաստանը կը դիտարկէին այլ կերպ։
«Ութ տարի առաջ այս սեղանի շուրջ շատ երկիրներ այս երկիրը կը դիտէին որպէս Ռուսիոյ իրական արբանեակ։ Նիկոլ Փաշինեան կազմակերպեց թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ որոշեց իր երկիրը պաշտպանել Ռուսիայէն։ Եւ այս պատճառով ան ենթարկուած է եւ կը շարունակէ ենթարկուիլ ամէնօրեայ յարձակումներու»,- նշած է Ֆրանսայի նախագահը։

Ան նաեւ կարեւորած է Հայաստանի եւրոպական ընտրութիւնը։ «Այն փաստը, որ ան որոշում կայացուց աշխարհի եւ Եւրոպայի մասին, շատ զօրաւոր ազդանշան է»,- ըսած է Մաքրոնը։

Ֆրանսայի նախագահը աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ դիմադրութեան պատերազմը, Հայաստանի ռազմավարութիւնը եւ Մոլտովայի մէջ իրականացուող քայլերը կը վկայեն եւրոպական երկիրներու ընդհանուր ուղղութեան մասին։


«Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին մենք՝ եւրոպացիներս, որոշեցինք հաւաքական ահազանգ հնչեցնել եւ կախեալ չըլլալ որեւէ մեծ ուժէ։ Եւ ասիկա նաեւ ռազմավարական ինքնավարութեան կարեւոր նախապայմաններէն մէկն է»,- շեշտած է ան։