Հայաստանի մէջ այսօր արցախցիներն ամենաթիրախաւորուածն են։ Այս մասին Հայաստանի լրագրողներու միութեան կազմակերպած մամուլի, խօսքի ազատութեան եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու մասին «Հայաստանի ձայները» համաժողովին Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։
Ան նշած է, որ կը թիրախաւորուի ամէն ինչ կապուած Արցախի հետ։
«Արցախի մասին խօսքը թիրախաւորւում է, վերադարձը թիրախաւորւում է, ասում են` «փախածներ», «մնայիք կռուէիք», «Արցախը բեռ էր, հազիւ պրծանք» եւ այլն»։ Սա ինչ-որ անհատի վատ փորձառութեան արդիւնք չէ, այլ պետութեան վերեւից ներքեւ իրականացուող քաղաքականութիւն, որի ամենավառ օրինակը մեզ բոլորիս յայտնի մետրոյի դէպքն էր, որը բացայայտեց, թէ ով է կանգնած այդ ատելութեան բուրգի գագաթնակէտին, որտեղից է սնուցւում եւ ինչ նպատակով է արւում»,-ըսած է ան։
Գեղամ Ստեփանեանը աւելցուցած է, որ արցախցիները նաեւ կը լռեցնեն`ըսելով, որ իրենց պահանջներով անոնք կը խանգարեն այսպէս կոչուած խաղաղութեան գործընթացին։
«Սակայն այս խաղաղութիւնը ունի պղծուած եկեղեցիների ու գերեզմանների, անտէր մնացած տների, ոչնչացուող գոյքի տեսք»,-աւելցուցած է Ստեփանեանը։
Ան յիշեցուցած է, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ կը կայանայ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը։ Արցախի ՄԻՊ–ը վստահ է` գագաթնաժողովին պիտի խօսուի խաղաղութեան մասին ու, ըստ այդմ, հարց ուղղած է մասնակցող պաշտօնեաներուն՝ իրենցմէ ո՞ր մէկը նման խաղաղութիւն կը ցանկար իր երկրին մէջ։