image

Երուսաղէմի Մէջ Ընթացող Պայքարը Մեր Պայքարը Չէ. Անուշ Նագգաշեան

Երուսաղէմի Մէջ  Ընթացող Պայքարը Մեր Պայքարը Չէ. Անուշ Նագգաշեան

«Երուսաղէմի մէջ ընթացող քաղաքական եւ ապահովական պայքարը մեր  պայքարը չէ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանը: Ան նշեց, որ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքը  շատ մը այլ վանքերէ կը տարբերի  այն հանգամանքով, որ վանքին մէջ հայ մարդիկ կ'ապրին եւ կան քանի մը եկեղեցիներ ու փոքրիկ «Հրեշտակապետաց Վանք»ը: Վանքին մէջ կայ երկու դպրոց, երկու ակումբ, ձեռագրատուն եւ մատենադարան: Անդրադառնալով վանքի մեծ նշանակութիւն ունենալու այլ երեսին՝ Նագգաշեան ըսաւ. «Մեր հայութիւնը, մեր հայկական դաստիարակութիւնը, մեր բանաստեղծութիւնը, մեր երգերը, այդ ամբողջը խաղալով է, որ  այդ մեծ բակին մէջ սորվեցանք»,- պատմելով, թէ ինչպէս Երուսաղէմի վանքին մէջ սերունդէ սերունդ ժառանգուած ազգային աւանդութիւնները հաւատարիմօրէն պահպանուած են, եւ  թէ ինչպէս մարդիկ իրենց տան կոտրուած բոլոր փայտեայ իրերը կը պահէին մինչեւ Տեառնընդառաջի օրը, որպէսզի այդ օրը տանէին դաշտ եւ կրակ վառէին:  Մեր խօսակիցը  նաեւ կը յիշէ,  թէ ինչպէս Համբարձման տօնին, աղջիկները 7 օր ջուր եւ ծաղիկ կը հաւաքէին տուներէն եւ կը պահէին, Վարդավառին «վիճակ» կը քաշէին, արտասանութիւններ կ'ընէին, «Անուշ» օփերա կ'երգէին, հայկական տարազներով կը պտըտէին ժողովուրդին մէջ: «Ոչ ոք մինչեւ եկեղեցւոյ արարողութեան աւարտը իրաւունք ունէր ուրիշին վրայ ջուր սրսկելու, սակայն երբ եկեղեցւոյ արարողութիւնը աւարտէր, ալ ո՜վ կը համարձակէր վանքի բակէն անցնիլ»,- կ'ըսէ Անուշ, նշելով որ նման ապրելակերպով մը Երուսաղէմի համայնքը կրցած է իսլամական եւ հրէական շրջապատին մէջ իր հայութիւնը պահել եւ ապրիլ:

Համեմատելով աշխոյժ հայկականութեամբ յագեցած առօրեան՝ Երուսաղէմի ներկայ հայկական կեանքին հետ, մեր զրուցակիցը նշեց, որ հիմա բակին մէջ խաղցող երեխաներու ձայն ալ չի լսուիր: «Ամէն անգամ որ մօրս հետ բակէն անցնինք, կը յիշենք Շիրազի այն քառեակը, ուր կ'ըսէ. «Այդ տունը տուն չէ, ուր երեխայի ձայն չկայ»: Մեկնաբանելով վանքի շուրջ ապրող համայնքի դատարկման պատճառները, Անուշ յայտնեց, որ հիմնական պատճառը շատերու գաղթն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական աննպաստ վիճակը: «Այստեղ հայերուն այլեւս աճելու առիթ չկայ, մինչ ժամանակին հայերը ունէին իրենց գործարանները, համալսարաններու մէջ շատ հայ դասախօսներ կային, Ս. Յարութիւն տանող շուկան ճամբուն աջն ու ձախը բոլորը հայեր էին, ոսկերիչներ, որոնցմէ այսօր հազիւ 1-2 հատը կայ»:  Նագգաշեան  կ'ըսէ,  որ չգաղթող ընտանիքներու զաւակներն ալ այսօր  վանքին շուրջ համախմբուած չեն, այլ ընդհակառակը, «դուրսերը տուն կ'առնեն, որովհետեւ այնտեղ ապրիլը աւելի դիւրին է, քան թէ հին քաղաքին մէջ, որուն  ճանապարհները տարուան 365 օրէն 200 օրը փակ են, հրէական տօներուն պատճառով»: Նագգաշեան,  խօսելով  այսօր Երուսաղէմի  մէջ     տիրող  լարուած եւ ճգնաժամային վիճակին մասին,  նկատել կու տայ. «Մարդիկ իրար նայելով ինչպէ՞ս բարին իրարմէ կ'ընդօրինակեն  եւ կը վարակեն, այսօր   արդէն   կը վարակեն չարը: Տակաւին չարը աւելի վարակիչ եւ գրաւիչ է» նշելով, որ այս ամէնը  դաստիարակութեան  պակասի  հետեւանք է, որովհետեւ այս օրերուն ամէն ինչի որակը ինկած է: «Նախ ամէն բանի կեղծը կայ, իսկ երբ ամէն բանի կեղծը կայ, մարդը ատոր հետ նաեւ կը սկսի կեղծիքը սիրել» կ'ըսէ ան, յայտնելով որ նոյնն ալ դպրոցներու մէջ դաստիարակութեան եւ ուսումի պարագան է:

Նագգաշեան կը նշէ, որ նոյն կեղծ հայեցի դաստիարակութիւնը կը տիրէ սփիւռքի մէջ, երբ հայկական վարժարանները հայերէն լեզուի դասաւանդումը կը դնեն երկրորդ մակարդակի վրայ: «Տխուր իրականութիւն մըն է ասի, այսօր երբ մեր բակէն կ'անցնիս, ուր մենք մեր բոլոր հայերէն հայրենասիրական երգերը երգած ենք, սերունդէ սերունդ փոխանցած ենք, այդ մեծ բակի ակումբներուն մէջ այսօր արաբերէն կը լսես»,-   կ'ըսէ ան :  Նագգաշեան  կը նշէ, որ դժբախտաբար նոյնն է պարագան հայրենիքի մէջ: «Այսօր շատ կը տխրիմ, երբ կը նայիմ հայաստանեան  կայանները  նկատելով, որ իրար ետեւէ երգի ու պարի մրցումներ կը ցուցադրուին, որոնց մեծ  մասը ռուսական եւ  եւրոպական կայաններէ ընդօրինակուած են: Ո՞ւր են մեր բանաստեղծութիւնը, ինչո՞ւ   մեր բառը   բացակայ է  հեռուստացոյցէն»:  Նագգաշեանի   կարծիքով   երբ  հայերէն խօսքը    մեռնի   կը մեռնի  նաեւ  հայ մարդը:

Նագգաշեան կը գտնէ, որ այսօր ազգի ապագայի համար ամենակարեւոր գործը, որ պէտք է կատարուի, ազգովին դաստիարակութեան ուրիշ ձեւի  որդեգրելն է , որովհետեւ մեր զաւակներուն համար այսօր Հայաստանը դարձած է միմիայն տիսքօթէքերու, փապերու, քէֆի եւ ուրախութեան վայր: «Այսօր հայրենիքը անկախ է եւ շատ բան ուրիշ ձեւով պէտք է ըլլայ» ըսաւ ան :

Խօսելով Երուսաղէմի  լարուած իրավիճակին մէջ ապրող հայութեան մասին  Նագգաշեան ըսաւ: «Բոլորին զաւակը զաւակ է, բայց ես ամէն օր կ'աղօթեմ, որ հայ մը զոհ չ'երթայ, որովհետեւ այս մեր պայքարը չէ», յայտնելով, որ Երուսաղէմի մէջ ապրող իւրաքանչիւր անձ կրնայ հակամարտութեան մէջ եղող կողմերուն միջեւ կատարուած պայթումի մը կամ ինքնաշարժով արկածի մը զոհ դառնալ:

Խօսելով արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան  մասին, Նագգաշեան նշեց, որ այս հակամարտութեան   հիմքը  նոյնպէս ատելութիւնն է, ըսելով որ «իրադրութիւնը այսպէս չի կրնար շարունակուիլ, տեղ մը փոփոխութիւն մը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ մարդկութեան դիմաց այլեւս ուրիշ ճամբայ չկայ»: Իր խօսքի աւարտին Նագգաշեան նշեց, որ այս բոլորը չարիքները, որ տեղի կ'ունենան աշխարհի վրայ, վերջ մը պիտի ունենան, որովհետեւ ինչքան ալ չարը գրաւիչ եւ վարակիչ ըլլայ վերջ  մը ունի եւ  պիտի պարտուի՜ ուզէ կամ  ոչ: