Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Ազգայնական շարժում» (ԱՇԿ-AKP) կուսակցութեան ղեկավար՝ Տեւլեթ Պահչելիի հետ միասին մասնակցած է Մանազկերտի ճակատամարտի 949-ամեակի առիթով կազմակերպուած միջոցառումներուն։
Էրտողան Մանազկերտի մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ անդրադարձած է նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ ու Յունաստանի միջեւ խորացող լարուածութեան ու շարք մը սպառնալիքներ հնչեցուցած յոյներու հասցէին։
«Բիւզանդիոնի ժառանգորդները ըլլալու արժանիքներ չունեցողները, եւրոպացիներուն իրենց թիկունքը դարձնելով, ինկած են անիրաւութեան, անօրէնութեան ու ծովահէնութեան ետեւէն։ Աս կը նշանակէ, որ պատմութենէն դասեր չեն քաղած»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։
Էրտողան ակնարկի տեսքով հնչեցուցած է նաեւ ռազմական սպառնալիք։
«Մեր դիմացիններուն կոչ կ'ընենք կարգի հրաւիրուելու եւ չընելու այնպիսի սխալներ, որոնք կրնան իրենց կործանման պատճառը դառնալ։ Կ'ուզենք, որ բոլորը տեսնեն, որ Թուրքիան այն երկիրը չէ, որու վրայ կարելի է փորձարկումներ կատարել։ Ռազմական ճանապարհով նոյնպէս պատրաստ ենք ընելու այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է։ Եթէ կ'ըսենք կ'ընենք, ուրեմն պիտի ընենք։ Պատասխանն ալ կու տանք։ Եթէ մեր դէմ ելլող ցանկացողներ կան, թող հրամմեն»,- ըսած է Էրտողան։
Լուրը՝ «Էրմէնիհապէր»էն