image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ Փաշինեանի հրաժարման պահանջով բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին (Տեսանիւթ)

Երեւանի մէջ Փաշինեանի հրաժարման պահանջով բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին (Տեսանիւթ)

Փաշինեանի հրաժարման պահանջով, քաղաքացիներ կը շարունակեն բողոքի գործողութիւններ Երեւանի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  «Թերթ.ամ»  կայքէն։  

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ քաղաքացիները տեղաշարժելով, փակած են Երեւանի տարբեր խաչմերուկներ, ինչպէս՝ Ագաթանգեղոս-Արշակունեաց խաչմերուկը: Փակած են նաեւ Մաշտոց եւ Տիգրան Մեծ պողոտաները:

Բողոքին մասնակիցներէն մէկը անդրադառնալով իրենց կրած բանջարեղէնով լեցուն զամբիւղներուն ըսած է «Բոլորս գիտենք, որ իշխանութեան մէջ կան մարդիկ, որ անգամ դդումից քիչ խելք ունեն, կաղամբից քիչ՝ հայրենասիրութիւն: Սա այսօրուայ Կառավարութեան խորհրդանիշն է»:

Մասնակիցները փորձած են նաեւ աղբամաններ տեղադրել փողոցը, սակայն ոստիկանները թոյլ չեն տուած:

Ըստ աղբիւրին ոստիկանութիւնը փորձած է հեռացնել ցուցարարները, նաեւ ձերբակալած շատերը: