Փաշինեանի հրաժարման պահանջով, քաղաքացիներ կը շարունակեն բողոքի գործողութիւններ Երեւանի մէջ: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Թերթ.ամ» կայքէն։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ քաղաքացիները տեղաշարժելով, փակած են Երեւանի տարբեր խաչմերուկներ, ինչպէս՝ Ագաթանգեղոս-Արշակունեաց խաչմերուկը: Փակած են նաեւ Մաշտոց եւ Տիգրան Մեծ պողոտաները:
Բողոքին մասնակիցներէն մէկը անդրադառնալով իրենց կրած բանջարեղէնով լեցուն զամբիւղներուն ըսած է «Բոլորս գիտենք, որ իշխանութեան մէջ կան մարդիկ, որ անգամ դդումից քիչ խելք ունեն, կաղամբից քիչ՝ հայրենասիրութիւն: Սա այսօրուայ Կառավարութեան խորհրդանիշն է»:
Մասնակիցները փորձած են նաեւ աղբամաններ տեղադրել փողոցը, սակայն ոստիկանները թոյլ չեն տուած:
Ըստ աղբիւրին ոստիկանութիւնը փորձած է հեռացնել ցուցարարները, նաեւ ձերբակալած շատերը: