image

«Երեւանի մէջ ես վատ իմաստով մրցակցութիւն չեմ զգացած». Հալէպահայ երիտասարդ երգիչ` Սուրէն Աճէմեան

«Երեւանի մէջ ես վատ իմաստով մրցակցութիւն չեմ զգացած». Հալէպահայ երիտասարդ երգիչ` Սուրէն Աճէմեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ եւ Երեւան  հաստատուած  երիտասարդ երգիչ Սուրէն Աճէմեան։ 

 

 

-Դուք 20 տարեկան էք եւ Երեւան հաաստատուած հալէպահայ երգիչներու շարքին ամենակրտսերն էք: Հալէպէն երբ Երեւան տեղափոխուած էք, արդեօ՞ք Հալէպի մէջ ալ երգեցողութեամբ կը զբաղուէ՞իք:

Ճիշդը եթէ կ՚ուզէք այդպէս է, ես Երեւան հաստատուած հալէպահայ երգիչներուն մէջ ամենափոքրն եմ, մօտ օրէն կ'ամբողջացնեմ 20 տարեկանս, բայց երգել սկսած եմ շատ շուտ, 7-8 տարեկանէս,իսկ 15 տարեկանէս արդէն երգեցողութեամբ զբաղուած եմ որպէս գործ, որպէս երգիչ, նոյնիսկ ինծի տարեկից ընկերներուս հետ խումբ մը կազմած էինք՝ «Վան» նուագախումբ: Երգը մանուկ տարիքէս եղած է իմ աշխարհս, Հալէպի մէջ եւս համերգներու կը մասնակցէի, երգած եմ «Սիմոն Վրացեան» կառոյցի «Գառնի» ռեստորանէն ներս, «Զուարթնոց» երգչախումբէն, ՀՄԸՄ-ի «Պանծալի» նուագախումբին հետ, Համազգայինի «Երեգ Երգոց» յեղափոխական երգերու երեկոներուն մասնակցած եմ եւայլն:

Ներկայիս Երեւանի Պետական Երաժշտանոցի , դասական վոքալ բաժնի ուսանող եմ, միաժամանակ համերգներու կը մասնակցիմ եւ «Նոյ պանտ»ին հետ «Ապու Յակոբ» ճաշարանէն ներս կ'երգեմ, որպէս աշխատանք:

 

-Գիտենք որ դուք նաեւ հասցուցած էք երգեր արձանագրել, այդ մասին ալ կը պատմէ՞ք:

Այո, ես իմ առաջին՝ Ժողովրդական երեգերու ալպումը ձայնագրած եմ 16 տարեկանիս,  այդ տարիներուն նաեւ քանի մը անձնական երգեր ձայնագրած եմ՝ նուիրուած Եղեռնի 100 Ամեակին (2015), Հալէպի մէջ զոհուած հայ զինուոր Գրիգոր Աշնաքլեանի յիշատակին (2014), որովհետեւ  որպէս սուրիահայ պատանի եւ Հալէպի մէջ պատերազմի շրջանին մեր հայ տղոց կատարած զոհողութիւններուն ականատես, չէի կրնար իմ փոքր լուման չբերել անոնց յիշատակը վառ պահելու գործին եւ երգի միջոցաւ փորձեցի այդ մէկը ընել. Հայաստան գալէս ետք ալ շարունակեցի այդ գործերը , ձայնագրեցի «Բախտը մէկ է զինուորին» երգը, որուն բառերու հեղինակն է նախկին ազատամարտիկներէն Արթուր Սարգսեանը: Անշուշտ այլ երգեր ալ ունիմ եւ ներկայիս նորերը կը պատրաստեմ, յոյսով եմ նախորդներու նման լաւ ընդունելութիւն կը գտնեն:

 

-Նկատի ունենալով որ դուք նաեւ  Երաժշտանոցի ուսանող էք, բացի «Ապու Յակոբ» ճաշարանէն ներս երգելը, այլ համերգներու կը մասնակցի՞ք:

Այո անշուշտ, համերգներու միշտ կը մասնակցիմ, բացի «Ապու Յակոբ» ճաշարանը երգելը, անձնական պատուէրներ կը ստանամ, օրինակ այս ամառ շատ առիթներ ունիմ՝ հարսանեկան, նշանտուք եւայլն, այս բոլորը կը կատարեմ որպէս աշխատանք, որովհետեւ ժողովուրդի պահանջարկը այդ է, բայց միաժամանակ բեմերու վրայ համերգներու կը մասնակցիմ,  վերջերս Արցախի մէջ Հայ Բանակի զինուորներուն համար համերգներ տուի, ոստիկանական գումարտակի համար երգած եմ, սուրիահայերուն օժանդակող Հալէպ ՀԲՀԿ «Արեւիկ» կեդրոնի կազմակերպած հանդէսին եւայլն, ամէն ոճի երգ կ'երգեմ, ստացած եմ նաեւ բազմաթիւ պատուոգրեր:

 

-Իսկ նկատի ունենալով որ  Երեւան հաստատուած հալէպահայ երգիչներու թիւը քիչ չէ, որոնք համարեայ նոյն հանդիսատեսը ունին, ձեր բեմահարթակի վրայ յայտնուիլը ինչպէ՞ս կ'ընդունուի այս ասպարէզի մէջ իրենց վաստակը ունեցող երգիչներուն  կողմէն, մրցակցութիւն կա՞յ:

Ես Հալէպէն ի վեր, երբ նոր սկսայ երգել, բոլոր աւագ երաժիշտները ինծի «կռնակ կեցան »եւ քաջալերեցին, այսօր նոյնպէս Երեւանի մէջ գտնուող բոլոր երաժիշտները   զիս  կը քաջալերեն որպէս նոր երգիչ, որովհետեւ ի վերջոյ ամէն մարդ իր գործը, իր անունը ունի, մէկը միւսին չի խանգարեր, ես վատ իմաստով մրցակցութիւն չեմ զգացած:

Բազմիցս քաջալերնաքներ ստացած եմ նաեւ աւելի բարձրակարգ երաժիշտներէ, փրոֆէսորներէ, հայ մեծ վաստակաւոր երգիչներու հետ շփուելու առիթ ունեցած եմ, որոնք ինծի այս ասպարէզի մէջ աւելի լաւ առիթներ տուած են եւ միշտ կ'օժանդակեն: Իսկ ունկնդիրներու պարագային, ըլլայ հալէպահայութիւնը, ըլլայ հայաստանցի ժողովուրդը բոլորը ինծի կը քաջալերեն որպէս նոր երգիչ եւ մանաւանդ վերջերս իմ մասին յաճախ դրուատիքի խօսքեր կը հնչեն, ինչը կ'ուրախցնէ ինծի եւ կը քաջալերէ որպէսզի աւելի լաւը ընեմ:


-Ի տարբերութիւն այլ երգիչներու, որոնք սիրողական սկսած եւ հմտացած են այս ասպարէզին մէջ, դուն բաւական կանուխ տարիքէ սկսած ես եւ միաժամանկ այդ ոլորտին համապատասխան համալսարանական ուսում կը ստանաս, այդ մէկը քեզի ի՞նչ կու տայ, ստացած ուսմանդ առաւելութիւնը կը զգա՞ս գործիդ վրայ:

Այո, անշուշտ, ուսումը շատ կարեւոր է, միայն լաւ ձայն ունենալը բաւարար չէ, առանց մասնագիտական ուսումի, միայն ձայնային լաւ տուեալներուն վրայ վստահող երգիչը կը նմանի օրինակ հայերէն  խօսիլ իմացողի , որ սակայն այբուբենին ծանօթ չէ, նոյնն է երաժշտութեան պարագային, վոքալ կրթութիւնը երգեցողութեան արուեստի հիմնքն է,  երբ անձը կ'երգէ, պէտք է գիտնայ ինչ կ'երգէ, ամէն բան ունի իր օրէնքը, կանոնը, Հայաստանի մէջ այդպէս է, սակայն Սուրիոյ մէջ պարագան տարբեր  էր, հոն կ'ընդունուէր որ երգիչը միայն լաւ ձայնային տուեալ ունենալու վրայ հիմնուած երգով զբաղուի: