Երեւանի բնակիչ՝ 39-ամեայ Էտիկ Սարիբեկեան 26 օգոստոսին դիմած է ոստիկանութեան Մալաթիոյ բաժնի հետաքննչական բաժին եւ յայտնած է, որ 26 օգոստոսի ժամը 04։00-էն 06։00 ժամանակամիջոցին, անյայտ անձ մը կամ անձեր արդիւնաբերական միջոցներու գործադրումով բացած են Ռաֆֆիի փողոց 57 հասցէին գտնուող «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի պատուհանը եւ այնտեղէն կատարած գողութիւն։
Shamshyan.com-ի հաղորդումով, Է. Սարիբեկեան ոստիկաններուն յայտնած է, որ ինքը նշուած կրթահամալիրին փոխտնօրէնն է, եւ այնտեղէն գողցուած են 2 ծնկադիր համակարգիչներ, 1 լուսանկարչական գործիք, 2 տեսախցիկ եւ 1 հատ ձայնագրիչ։