Առողջական որոշ բարդութիւններ ունենալէ ետք Կիպրահայ մտաւորական եւ գաղութի երկար տարիներու հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ՝ Յակոբ Էսկիճեան ոտքի վիրաբուժական գործողութեան մը պիտի ենթարկուի։
Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուցին Նիկոսիոյ մեր աղբիւրները։
Նշենք, որ Էսկիճեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն մաս կազմած է թաղային ինքնապաշտպանութեան տղոց փաղանգին։ Ան իր ազգային պարտականութիւնը կատարելու ճամբուն վրայ, նահատակ Երուանդ Խզարճեանի կողքին, ծանրօրէն վնասուած էր Պուրճ Համուտի մէջ` կորսնցնելով մէկ ոտքը։
Նշենք, որ վիրաբուժական գործողութիւնը պիտի կատարուի առաջիկայ 28 յունիսին։
Այս առթիւ առողջութիւն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք մեր լաւ բարեկամներէն՝ Տիար Յակոբ Էսկիճեանին։