Ասորի համայնքի անդամ երեք քրիստոնեաներ յարձակման ենթարկուած ու մորթուած են իրենց Պաղտատի տան մէջ:
Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Պաղտատ դաժմահունա» դիմատետրի էջը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ասորի համայնքի անդամ երեք անհատներուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը ունի կրօնական խտրականութեան բնոյթ:
Նախնական տուեալներու համաձայն, սպաննուածներէն մին բժիշկ է եւ կը կոչուի Հիշամ Շաֆիք Մասքունի:
Ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է դէպքին շուրջ: