image

Երեք քրիստոնեաներ մորթուած են Պաղտատի մէջ

Երեք քրիստոնեաներ մորթուած են Պաղտատի մէջ

Ասորի համայնքի  անդամ  երեք  քրիստոնեաներ  յարձակման  ենթարկուած ու մորթուած  են իրենց Պաղտատի  տան մէջ:

Այս մասին   տեղեկութիւնը  կը փոխանցէ «Պաղտատ  դաժմահունա»     դիմատետրի էջը:  Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ     ասորի   համայնքի  անդամ         երեք անհատներուն դէմ կատարուած       ոճրագործութիւնը ունի    կրօնական խտրականութեան բնոյթ:

Նախնական  տուեալներու  համաձայն,  սպաննուածներէն մին բժիշկ է եւ կը կոչուի  Հիշամ Շաֆիք Մասքունի:

Ոստիկանութիւնը  քննութիւն    բացած  է  դէպքին   շուրջ: