«Ծրագիր կայ Լիբանանը Իրաքի դարձնելու. Եթէ մենք չպատասխանենք երէկ տեղի ունեցած իսրայէլեան գրոհին, ապա Լիբանանը շատ վտանգաւոր փուլ մը պիտի մտնէ ...» քիչ առաջ այսպէս յայտարարեց «Հըզպալլա»-ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլա։
Նասրալլա յատկապէս անդրադառնալով երէկ Պէյրութի հարաւային արուարձանին մէջ տեղի ունեցած դէպքին ըսաւ, որ եղածը «շատ,շատ, շատ վտանգաւոր»։ Շիիթ ղեկավարը նաեւ ըսաւ, որ իրենք, որպէս «իսլամական դիմադրութիւն» պիտի չընդունին, որ Իսրայէլ շարունակէ իր ոտնձգութիւնները։ Ան նաեւ հաստատեց, որ երէկ եղած գրոհը առաջին է 2006 թուականէն ի վեր եւ իրենք պատրաստ են ամէն տեսակի զոհողութեան ետ մղելու իսրայէլեան որեւէ քայլ։
«Բոլորը ուշադիր թող լսեն, մենք պիտի չլռենք Իսրայէլի արարքներուն դիմաց եւ յետ այսու մենք վար պիտի առնենք իսրայէլեան բոլոր տեսակի անօդաչու սարքերը, որոնք պիտի երեւի Լիբանանի երկինքին վրայ» ըսաւ Հասան Նասրալլա։
Ան նաեւ յիշեցուց, որ տարբեր առիթներով ինք բացայայտ կերպով ըսած է, որ իրավիճակը բաւական լուրջ նկատել տալով՛ որ իրենք «կատակ չեն ըներ»։ նոյն առումով ան վերահաստատեց «Հըզպալլա»ի առած ընտրանքները ու նաեւ յիշեցուց, որ «Հըզպալլա» ամենամօտիկ յարմար առիթին պիտի հարուածէ Իսրայէլը. «Դուք սահմանին վրայ պատրաստ եղէ, որովհետեւ որեւէ պահու մենք պիտի հարուածենք ձեզի» իր խօսքը եզրափակեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա։
Յիշեցնենք, որ երէկ կէս գիշերին իսրայէլեան երկու անօդաչու սարքեր ինկած էին «Հըզպալլա»ի կեդրոնատեղի համարուող «Տահիյէ» շրջանին մէջ։ Անօդաչու սարքերէն մին պայթած էր «Հըզպալլա»ի մամլոյ եւ տեղեկատուական կեդրոնի մը մօտ, պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ։