image
Հրատապ լուրեր:

Դաշնակցութեան դէմ ստայօդ մեղադրանքներ հնչեցուցած լրագրողը պիտի հարցաքննուի

Դաշնակցութեան դէմ ստայօդ  մեղադրանքներ  հնչեցուցած  լրագրողը  պիտի հարցաքննուի

 Լիբանանեան  «Օ.Թի.Վի.»  կայանէն  ՀՅԴ-ին  եւ Պուրճ Համուտ  շրջանի   քաղաքապետութեան դէմ ստայօդ  մեղադրանքներ  հնչեցուցած     լրագրողը  պիտի  կանգնի    դատարանին  առջեւ։

 

 Այս մասին լուրը կը հաղորդէ   Պէյրութի  «Ազդակ»ը, որ նաեւ կը նշէ, որ     Սէուտ  աւելի  վաղ՝  անցեալ   մարտին    կանչուած էր  ոստիկանութեան բաժին եւ հարցաքննուած ու ապա ազատ արձակուած։  Աղբիւրին համաձայն    Սէուտ ա       յառաջիկայ  հոկտեմբեր  ամսուան ընթացքին  դատարանին առջեւ  կանգնելով պիտի հարցաքննուի։

 

Նշենք, որ լիբանանեան ներքին հարցերու մասին հետաքննական  նիւթեր   հրապարակող  լրագրողին ՀՅԴ-ին     եւ  Պուրճ Համուտի  քաղաքապետութեաան դէմ հնչեցուցած մեղադրանքները կապ ունէին  Պուրճ Համուտի  աղբակայանին  ու անոր   շուրջ ընթացող  գործընթացներուն հետ։