image

Թուրքիա. Լրագրողը աշխատանքէն զրկուած է «Մաֆիա»ի մասին հարցում տալուն համար

Թուրքիա. Լրագրողը աշխատանքէն զրկուած է «Մաֆիա»ի մասին հարցում տալուն համար

Anadolu թրքական պետական լրատուական գործակալութիւնը յայտարարած է իր լրագրողը աշխատանքէն հեռացնելու մասին,  այն բանէն ետք, երբ ան մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուին հարց ուղղած է կազմակերպուած յանցաւորութեան հետ հաւանական կապի մասին:

Աւելի վաղ Թուրքիոյ յայտնի քրէական հեղինակութիւններէն մէկը՝ Սետաթ Փեքերը, որ կը թաքնուի արտասահման, YouTube տեղադրած է քանի մը տեսահոլովակներ, որոնցմով ան մեղադրած է շարք մը նախկին եւ գործող բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներ, մասնաւորապէս ՝ Սոյլուն, փտածութեան եւ «մաֆիա»յի հետ կապերու համար:

 

Լուրը՝ tert.am-էն