image

«Ցտեսութիւն» Գերմանիա. Սուրիացի փախստականներու «վերադարձ»ը Թուրքիա

«Ցտեսութիւն» Գերմանիա. Սուրիացի փախստականներու «վերադարձ»ը Թուրքիա

Հարիւրաւոր սուրիացի փախստականներ հակառակ ուղղութեամբ գաղթ կը կատարեն՝ Գերմանիայն դէպի Թուրքիա, Գերմանիոյ կողմէ «երկրորդական հովանաւոր»ի կողմէ ընտանիքի միաւորման որոշումի արկախումնէն ետք: Այս մասին կը գրէ լիբանանեան «Ալ-Տիար»ը:

Թուրքիա վերադարձողներու շարքին եղող  Հուսայն Ալ-Հասանը գերմանական DW-ին պատմած է. «Ես որպէս «երկրորդական հովանաւոր», ընտանիքիս անդամներուն իմ մօտ (Գերմանիա) ապաստանի իրաւունք ձեռք բերել չկարենալու պատճառով, նախընտրեցի Թուրքիա վերադառնալ, ուր կը գտնուի ընտանիքս, զաւակներս», աւելցնելով, որ «Գերմանիան անարդար վարուեցաւ մեզ հետ, երկու տարի սպասումէ ետք մերժեց մեր բոլոր բողոք դիմումները»:

Աղբիւրի համաձայն Հուսայն Ալ-Հասանի պատմութիւնը եզակի օրինակ չէ, տասնեակ սուրիացի փախստականներ, որոնք Եւրոպա հասած են, այսօր նոյն գաղթի  հակառակ ուղղութիւնը կը բռնեն՝ Յունաստանի միջոցաւ դէպի Թուրքիա հասնելու:

Հասան նշած է, որ իր հետ ճանապարհին եղած են 63 սուրիացի ընտանիքներ, որոնցմէ շատեր կ'ուզեն Թուրքիա հաստատուիլ, իսկ ոմանք ալ իրենց ընտանիքի անդամները տեսնել եւ ետ Գերմանիա վերադառնալ: