Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն մեծ թիւով ցուցարարներ հաւաքուած են Պէյրութի կեդրոնական փողոցներուն մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը, նշելով, որ ցուցարարներ հաւաքուած են յատկապէս Պէյրութի վարչապետարանին շուրջ։ Ցուցարարները փորձած են ներխուժել վարչապետարանի շէնք, որուն հետեւանքով ալ գրանցուած են բախումներ՝ տարածքը հսկող ապահովական մարմիններուն հետ։
Ցուցարարներու անունով խօսող աղբիւր մը նոյն կայանին խօսելով նշած է, որ իրենք կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը եւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը։ Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ ծանր շաբաթ մը եղած էր Պէյրութի համար եւ յատկապէս տնտեսական ոլորտին մէջ երեւելի դարձած էին տնտեսական մեծ ցնցումներ, երկրին մէջ տոլարի սղաճ նկատուած էր, որուն հետեւանքով ալ վառելանիւթի կայարանները, բջիջային հեռախօսներու լիցքաւորուող քարտեր վաճառողները, հաց արտադրող փուռերը եւ մի քանի այլ կարեւոր ոլորտներ զգուշացուցած էին կառավարութիւնը, որ եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի, անոնք կը պատրաստուի համատարած եւ անժամկէտ գործադուլի դիմել։
Մինչ անցեալ ամիսներուն լիբանանցին մէկ տոլար գնելու համար կը վճարէր 1515 լիբանանեան թղթոսկի, վերջին օրերուն գրանցուած զարգացումներէն ետք ան ստիպուած կ՚ըլլար վճարել մինչեւ 1600 լիբանանեան ոսկի։
Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եթէ կառավարութիւնը չկարողանայ իրավիճակը փրկել, ապա ամերիկեան տոլարին սակը կրնայ բարձրանալ 1800 լիբանանեան ոսկիի։