image

ԲՀԿ-ն կը պատրաստուի մեծ հանրահաւաք կազմակերպել. Այդ մասին յայտարարած է Գագիկ Ծառուկեան

ԲՀԿ-ն կը  պատրաստուի    մեծ հանրահաւաք կազմակերպել. Այդ մասին յայտարարած է Գագիկ Ծառուկեան

Խորհրդարանի առաջիկայ նստաշրջանին ընդառաջ, հանդիպումներու շարք մը կը սկսինք կուսակցութեան տարածքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան առաջնորդ՝ Գագիկ Ծառուկեան եւ տեղադրած տեսանիւթ, ուր հանդիպում կ'ունեենայ կուսակցութեան Կոտայքի մարզի ակտիվի գործադիրին հետ։

 

Ան դիմելով ներկաներուն, ըսաւթէ .«Ես յանձնարարած էի կարճ ժամանակահատուածի մէջ հանդիպիք ժողովուրդին հետ, լսէք անոնց յուզող հարցերը: Սեպտեմբերին ԱԺ-ի առաջին նիստն է, ուր այդ խնդիրները մենք պիտի բարձրաձայնենք»: Ան վստահեցուց որ «մեր ասածն ու արածը օգտակար ըլլայ, ժողովուրդին ծառայէ եւ ըստ ոլորտներու իրենք զգան իրենց կեանքին մէջ: Այսօրուընէ կը սկսին հանդիպումները հանրապետութիւնով մէկ, ԲՀԿ-ի պատասխանատուներուն հետ»,-ըսաւ Ծառուկեան:

 

Ան նշեց, որ քանի որ արտակարգ դրութեան պայմաններուն շատերը չեն աշխատիր եւ չեն կրնար ուսանողներու վարձքը վճարել, պետութիւնը պէտք է քայլ կատարէ եւ նիւթապէս նպաստէ ժողովուրդին, ուսանողին, ծառայողին թոշակառուին եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներուն:

 

Ծառուկեան նշեց, որ իրենց երիտասարդական կառոյցի հարցումները պարզած են, որ հասարակութեան 90 տոկոսը դէմ է կրթական փոփոխութիւններուն. «Մենք հայ քրիստոնեայ ազգ ենք, այդ մեր մեծութիւնն է: Ժողովուրդի 90-95 տոկոսի համար այդ ծրագիրը անընդունելի է: Մենք ստորագրութիւն ալ պիտի հաւաքենք, մեծ հանրահաւաք ալ պիտի կազմակերպենք: Ով չի ուզեր, որ եկեղեցւոյ դասընթացները հանուին, սեռական դասընթացներ տեղի ունենան, հայ գրականութիւնը հանուի, հայոց պատմութիւնը հանուի, մենք անոր չենք կրնար թոյլ տալ»: Ան շարունակած է թէ պիտի պահպանուին հայ աւանդոյթները: «Հայաստանը հոն չ'երթար, ժողովուրդը այդ թոյլ չի տար»: