18 յունիսին, «Հայաստան» դաշինքը կը նախապատրաստէ մեծ հանրահաւաք կազմակերպել Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Հաւաքի նպատակը պիտի ըլլայ նախընտրական քարոզարշաւի ամփոփումը։
Միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւններ կան, որ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարած է 17 յունիսին, 200 հազար մարդու մասնակցութեամբ Հանրապետութեան հրապարակի հաւաքէն։
Պատճառներու մասին յստակ տեղեկատուութիւն չկայ, սակայն հնարաւոր է, որ այն պայմանաւորուած է մարզային այցերուն, յատկապէս կեդրոնական քաղաքներուն մէջ մարդոց խիստ սակաւ մասնակցութեամբ։
Լուրը՝ News.am-էն