Քուէյթահայ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ օրերս դրամական պարգեւ տրուած է պետական քննութիւններուն լաւագոյն արդիւնք արձանագրած աշակերտին։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քուէյթի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նշեց, որ չորեքշաբթի, 20 յունիս 2018-ին, հովանաւորութեամբ՝ Քուէյթի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպույեանին, Քուէյթի հայկական վարժարանէն ներս տեղի ունեցած է 2017-2018 տարեշրջանի պաքալորիայի առաջին հանդիսացած աշակերտուհի՝ Նայիրի Միքայէլեանին «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի յանձնումը (1000 ք.տ.):
Մրցանակը աշակերտուհիին յանձնուած է ձեռամբ Տիար Կիրակոս Գույումճեանին։
Յիշեցնենք, որ Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ հաստատուած այս մրցանակը, արդէն 4-րդ տարին է, որ կը տրամադրուի։
Մրցանակին նպատակն է, խրախուսել աշակերտութեան մօտ ուսումնատենչութիւնն ու ազնիւ մրցակցութեան ոգին: