image

Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի ազնուական նուէրը լաւագոյն արդիւնքներ գրանցած քուէյթահայ աշակերտին

Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի ազնուական նուէրը լաւագոյն արդիւնքներ գրանցած քուէյթահայ աշակերտին

Քուէյթահայ ազգային բարերար Կիրակոս Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ  օրերս  դրամական պարգեւ  տրուած է պետական քննութիւններուն լաւագոյն  արդիւնք արձանագրած աշակերտին։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քուէյթի իր  աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը  նշեց, որ չորեքշաբթի, 20 յունիս 2018-ին, հովանաւորութեամբ՝  Քուէյթի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպույեանին, Քուէյթի հայկական վարժարանէն ներս տեղի ունեցած է 2017-2018 տարեշրջանի պաքալորիայի առաջին հանդիսացած աշակերտուհի՝ Նայիրի Միքայէլեանին «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի յանձնումը (1000 ք.տ.):

Մրցանակը աշակերտուհիին յանձնուած է ձեռամբ Տիար Կիրակոս Գույումճեանին։

Յիշեցնենք, որ Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ հաստատուած այս մրցանակը,  արդէն 4-րդ տարին է, որ կը տրամադրուի։

Մրցանակին նպատակն է, խրախուսել աշակերտութեան մօտ ուսումնատենչութիւնն ու ազնիւ մրցակցութեան ոգին: