image

Հայաստանի եթերին աճ գրանցած ատելութեան խօսքը

Հայաստանի եթերին աճ գրանցած ատելութեան խօսքը

Այսօր՝ 16 Յունիսին, Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանն ընդունած է 20 Յունիսին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ Լորան Ժիմենեզը եւ Թանքոանօ Մատիասը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովը:

Տիգրան Յակոբեանը ներկայացուցած է Յանձնաժողովի գործառոյթները, իրականացուող աշխատանքները, օրէնսդրական կարգաւորումները, ինչպէս նաեւ  արտահերթ ընտրութիւններու ընթացքին Յանձնաժողովի դերը եւ նախընտրական քարոզչութեան ժամանակահատուածին հեռարձակողներու կողմէ քաղաքական ուժերուն հաւասար պայմաններու ապահովման գնահատման մեթոտաբանութիւնը: ՀՌՀ նախագահը նշած է, որ եթերի ընթացքին կ'աճի մանիպուլացիայի (ձեռնավարութիւն) եւ ատելութեան խօսքի տեսակարար կշիռը, միաժամանակ նշած օրէնսդրական այն բացերը, որոնք խոչընդոտներ կը ստեղծեն Յանձնաժողովին իր  գործառոյթներն արդիւնաւէտ իրականացնելու գործին:

Ֆրանքոֆոնիայի պատուիրակութեան ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայացուած տեղեկատուութեան համար, ՀՌՀ նախագահին առաջարկած են Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովն ընդգրկել Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան մետիաներու գործունէութիւնը կարգաւորող ցանցի կազմին մէջ: Յանձնաժողովի նախագահն ընդունած է առաջարկը:

Հանդիպման աւարտին պատուիրակութեան ներկայացուցիչները հետեւած են Յանձնաժողովի կողմէ իրականացուող մշտադիտարկման գործընթացին: