image

«Այնճարի ժամացոյցի վերակառուցումը ապագայի հանդէպ յոյսի ներշնչում է».Նաթալի Քէնտիրճեան

«Այնճարի ժամացոյցի վերակառուցումը ապագայի հանդէպ յոյսի ներշնչում է».Նաթալի Քէնտիրճեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ այնճարաբնակ ուսուցչուհի, Համազգայինի վարչութեան անդամ՝ Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեանը:

 

-Համացանցէն իմացանք, որ Այնճարի յայտնի ժամացոյցը  պիտի վերակառուցուի:  Ե՞րբ եւ ինչ պայմաններու տակ հիմնուած է Այնճարի ժամացոյցը։


«Ժամանակի հրաշալիքը»  կրող  ժամացոյցը կը նպատակադրէ վերականգնել Այնճարի պատմական ժամացոյցը, որ հիմնուած էր Այնճարի մէջ միսիոնարական առաքելութիւն իրականացուցած  քոյրերուն՝ քոյր  Հետուիկին, քոյր Մարիին եւ քոյր Աննային կողմէ, որոնք տարիներ շարունակ անձնուիրաբար ծառայեցին Մուսա լերան կարիքաւոր գաղթականներուն, որ երկարամեայ հալածանքներէ ետք հաստատուած էին Այնճար՝ նոր կեանք մը սկսելու համար։

Այնճարի ժողովուրդին համար ժամացոյցը կարիք մըն էր, որ  ոչ միայն ժամանակը ցոյց կու տար, այլեւ դարձած էր խորհրդանիշ, թէ կեանքը կը շարունակուի՝ հակառակ պատերազմին, հալածանքներուն, սովին եւ համաճարակներուն:

 

Այնճարի 80-ամեակի ձեռնարկներուն շարքին ժամացոյցի իր նախկին տեսքով վերականգնելը պիտի խորհրդանշէ շարունակութիւն, եւ Այնճարն ու այնճարցիները  յօդակապէ մեր  արմատներուն, ինչպէս նաեւ յոյս պիտի ներշնչէ ապագայի հանդէպ:

 

-Գիտենք որ Այնճարը կը պատրաստուի  նշել իր հիմնադրման 80-ամեակը: Այս առումո՞վ է որ նախատեսուած է ժամացոյցին վերաբացումը:


Այնճարի ժողովուրդին համար շատ կարեւոր խորհրդանիշ մըն է գիւղի ժամացոյցը: Հանգամանքներու բերումով, գիւղի հրապարակը, ճամբաները նորոգելու քաղաքաշինական նկատառումներով օրին վերցուեցաւ ժամացոյցը, որպէսզի առաւել հնարաւորութիւն ստեղծուի ճանապարհներու լայնութեան, բայց գիւղը յանձնառու մնաց իր խորհրդանիշը պահելու եւ, ահաւասիկ, 80-ամեակի մարմինը, գիւղին հետ միասին, Աւետարանական համայնքին վստահած է կազմակերպել այս խորհրդանիշի վերականգնումը:

«Ժամանակի հրաշալիքը» կը վերադառնայ գիւղիս մայր ճամբուն վրայ նորակառոյց ժամացոյցի վերականգնումով եւ ահա զգացական եւ բարոյական ներդրումին կողքին  բոլորս առիթը ունինք նիւթապէս ալ աջակցելու յանուն այդ  ծրագրի  իրականացման։


-Ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ Այնճարի մէջ այս օրերուն, յատկապէս, որ Այնճարը  այն  քիչ գիւղերէն  է, որ հայկական դիմագիծ ունի։


Այնճարի 80-ամեակով մենք կը միտինք վերարժեւորել գիւղի դերը գաղութին մէջ, ինչու չէ նաեւ համահայկական իմաստով: Գիւղը, իր հայեցի ոգիով, իր դպրոցներով, իր մարմնամարզական, մշակութային, եկեղեցական միութիւններով լաւագոյնը կ'ընէ:


-Այնճարի հիմնադրման 80-ամեակին առթիւ ի՞նչ միջոցառումներ կը նախատեսուի՞ն:


Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկները, որոնք հովանաւորուած են յատուկ մարմնի մը կողմէ, հետեւեալ ձեւով  պիտի ընթանան: Ձեռնարկները կը սկսին 28 յուլիսին, պաշտօնական բացումով եւ վարդավառի տօնախմբութեամբ, կազմակերպութեամբ՝ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, 2 օգստոսին տեղի պիտի ունենայ մարզախաղերու փառատօն, կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան, 18 օգոստոսին՝ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը, կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հայ կաթողիկէ համայնքին,  24 օգոստոսին՝ Մուսա լերան բարբառով երգարանի գինեձօն, կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին։ Իսկ  1 սեպտեմբերին  տեղի պիտի   ունենայ գիւղի ժամացոյցին  բացումը, կազմակերպութեամբ՝ Այնճարի Հայ աւետարանական համայնքին, իսկ  7 սեպտեմբերին  տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակի տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին: Այնուհետեւ՝ 12, 13, 14 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ  նկարչական ցուցահանդէս՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, ուրբաթ 13 սեպտեմբերին՝ աւանդական տոհմիկ երեկոյ, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղին, 14 սեպտեմբերին՝ Թանգարանի բացում, 14 սեպտեմբերին՝ եզրափակիչ հանդիսութիւն Մուսա Լերան հերոսամարտի 104 -ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթներով: Կիրակի 15 սեպտեմբերին՝ Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ մատաղօրհնէք, ի յիշատակ Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներուն:

Բոլոր ձեռնարկները անշուշտ կը վայելեն Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելինական մարմնի հովանաւորութիւնը։